2008-12-12 14:19:37

Պօյոսեան տարին ` խորհրդածութիւն։


Եփեսացիներու, Կոյոսացիներու,եւ Փիլիմոնի թուղթերը` խորհրդածութիւն

Պօղոս առաքեալի այս երեք թուղթերը կը կազմեն միաձոյլ ամբողջութիւն մը իրենց նիւթերով եւ վարդապետական գաղափարներու նոյնութեամբ։ Այս երեք նամակները յաճախ ճանչցուած են բանտի նամակներ անունին տակ, որովհետեւ գրուած են 61-63 թուականներուն միջեւ, երբ Պօղոս բանտարկուած էր Հռոմի մէջ։

Եպափրաս անունով հաւատացեալ մարդ մը, որ եղած է գործակիցը Ս. Պօղոսի, այս վերջինին մտահոգիչ լուրեր կը բերէ Կողոսացիներու եւ Եփեսացիներու հասարակութիւններու մասին, որով Հրէական եւ նաեւ յոյն իմաստասիրութեան ազդեցութիւնները կը խախտեն հաւատացեալներու համոզումները։ Ըստ հելլեն աշխարհի, այսինքն հոյն իմաստասիրութեան, երկնային զօրութիւնները կ՛իշխեն տիեզերքին եւ կը ճշդեն անոր ընթացքը։ Հետեւաբար, Պօղոս երկնային զօրութիւնները կը նոյնացնէ հրեշտակներու եւ ասոնցմէ գերազանցօրէն վեր կը դասէ Քրսստոս, իբրեւ գլուխ ամէն բանի, թէ՛ երկինքի մէջ, եւ թէ՛ երկրի վրայ։ Ձերբազատուած աշխարհի տարրերէն, Քրիստոնեան կը մասնակցի Քրիստոսի լրութեան եւ աստուածութեան եւ այլեւս կարիքը չզար ենթարկուելու ժամանակավրէպ աւանդութիւններու։ Ուստի Քրիստոնեան անդամ է Քրիստոսի Մարմինին, այսինքն՝` Եկեղեցւոյ, որուն կենսատու Գլուխը նոյնինքն Քրիստոսն է, որուն շնորհիւ Փրկութեան խորհուրդը կ՛ընդարձակուի տիեզերքի տարողութեամբ։

Այս գաղափարները, որոնք շոշափուած են Կողոսացիներու թուղթին մէջ, դարձեալ կ՛ընդլայնուին Եփեսացիներու թուղթին մէջ։ Պօղոս մեզի կը վերյիշեցնէ մարդուն մեղանչական վիճակը, անոր անցեալը եւ փրկութեան ձրի պարգեւը։ Ս. Պօղոս, իր վարդապետական գաղափարներու մէջ կը պարզուի Նաեւ Փրկութեան խորհուրդը իրականացած երկինք՝` փառաւորեալ Քրիստոսի մէջ, ուր Հրեան եւ հեթանոսը հաշտուած եւ փրկուած են միւնոյն մարդուն մէջ որ է Քրիստոս։ Փրկութեան տնօրէնութիւնը կ՛իրականանայ ըստ Ս. Պօղոսին Աստուծոյ յաւիտէնական ծրագիրներու համաձայն, իսկ անոնց լրումը միութիւնն է փրկուած մարդկութեան Քրիստոսի Եկեղեցիին մէջ։

Գալով Փիլիմոնի Թուղթին, Թուղթը ժամանակակից է Կողոսացիներու Թուղթին։ Հետեւաբար, այս Նամակով Պօղոս կը հորդորէ Կողոսացի հաւատացեալի մը քաջագործութիւնը, ասոր փախստական ստրուկին, Ոնեսիմոսի վերադարձը։ Ստրուկը Հռոմէն փախած է որպէս հեթանոս եւ շնորհիւ Պօղոսի, այս Հեթանոս եղբայրը կը դառնայ տիրոջ տունը որպէս քրիստոնեայ եղբայր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.